Անցեալ շաբաթ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած Է աւելի քան 17,500 կրակոց

սեպտեմբեր 01, 2015 - 16:14        Viewed: 1511       

Ստեփանակերտ, Արցախ -Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն՝ 23-29 օգոստոսին ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ հակառակորդին կողմէն զինադադարի պահպանման դրութիւնը խախտած է մօտաւորապէս 950 անգամ, որուն ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն, ինչպէս նաեւ 60, 82 եւ 120 մմ.ոց ականանետերէն ու ՌՊԳ-7 եւ ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետերէն, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 17,500 կրակոց: Նոյն շրջանին հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ թրքական արտադրութեան TP-107 տիպի «ռէակթիւ» հրթիռահրետանային կայանք:

Օրացույց