Մարմարա (Կ.Պոլիս) -Թուրքիա մինչեւ Նոյեմբերի 1 արտակարգ ընտրութիւններ պիտի ղեկավարուի անցումային կառավարութեամբ եւ յայտնի է, որ տարբեր կուսակցութիւններէ եւ անկախ երեսփոխաններէ բաղկացեալ այս նոր վարչակազմի հետ դիւրին պիտի չըլլայ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գործը:
Երէկ նորակազմ կառավարութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարեց, իսկ ժողովի աւարտին նախարարները առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնները ըրին մամուլին:
Անոնցմէ մէկն էր կառավարութեան կազմի մէջ Եւրոմիութեան նոր նախարար եւ բանագնաց քրտամէտ HDP-ի անդամ Ալի Հայտար Քոնճա, որ յայտարարեց, թէ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն յաջորդող զարգացումները պարտաւորիչ դարձուցին անցումային կառավարութեան մը հիմնումը: HDP կուսակցութիւնն ալ, արժեւորելով իրավիճակը, որոշեց իր ներկայացուցիչները ունենալ վարչակազմին մէջ:
Ըստ նախարարին, HDP կը հաւատայ, որ երկրի մէջ առկայ հարցերը պէտք է իրենց լուծումը գտնեն ժողովրդավար սկզբունքներով ու այդ պատճառով է, որ բացէ ի բաց կոչ կ"ուղղեն. զէնքերը պէտք է լռեն, զէնքերը պէտք է թաղուին: «Ո՛չ թէ բռունցքները սեղմելով, այլ երկխօսութեամբ պէտք է գտնել հաշտութեան ճամբան: Եթէ այդպէս շարժինք, կրնանք Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ճախճախուտէն ձերբազատիլ» ըսաւ նախարար Քոնճա:
Նախարարը իրեն ուղղեալ բազմաթիւ հարցումներու կարգին, յստակ արտայայտութիւններով պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր դիրքորոշումը, եթէ օրակարգի նիւթ դառնան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայկական պնդումները:
Ալի Հայտար Քոնճա կարճ ու բացէ ի բաց ըսաւ.
«Կարծեցեալն ու իրականը որեւէ տարբերութիւն չունին. բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը գործադրուած է: Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ"ընդունին: Բուն հարցը այս իրողութիւնը ճանչնալու կէտի շուրջ համախմբուիլն է: Այս մասին պիտի խօսինք մեր կուսակցութենէն ներս եւ պիտի ճշդենք մեր դիրքորոշումը»: