Մուշի մէջ 40 հազարէ աւելի իսլամացած հայ կայ

սեպտեմբեր 03, 2015 - 09:41        Viewed: 1508       

DiarioArmenia (Արգենտինա) -Համահայկական խաղերը բացայայտեցին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նոր ձեւաւորուած հայկական կառոյցներու աշխուժութիւնը: Այս առիթով լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպման ընթացքին իրենց գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հայկական ինքնութեան բացայայտման մասին  պատմած են Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան ներկայացուցիչները:

Մուշի մէջ գործող Տարօն-Տուրուբերան հայրենակցական միութեան փոխատենապետ Գէորգ Չալըշ պատմեց տարի մը առաջ կազմաւորուած  հայկական առաջին հայրենակցական միութեան ստեղծման նպատակներուն ու դժուարութիւններուն մասին: «Դժուար է Մուշի մէջ նման աշխատանքներ տանիլ, քանի որ Մուշը շատ կրօնամոլ վայր է: Մենք, սակայն, այդ վտանգը յանձն առինք: Մտածեցինք, որ պէտք է հայերէն եւ պատմութիւն սորվեցնենք երիտասարդներուն, քանի որ այնտեղ քրիստոնեայ հայ չկայ, բոլորը իսլամացած հայեր են, բայց իրենց  հայ ըլլալը կ՛ընդունին արդէն»: 

Հայրենակցական միութեան ատենապետ Հայրետին Արսլանի համաձայն, իրենց նախաձեռնութեան համար տարաբնոյթ վտանգներ միշտ կան: Ան հայերէն չի խօսիր, սակայն կը փորձէ սորվիլ: Ան ըսաւ, որ այս տարածքներուն մէջ արդէն 100 տարիէ ի վեր այդ վտանգները գոյութիւն ունին, եւ իրենք ալ այդ նեղ վիճակներուն մէջ ապրելով մեծցած են:

«Մենք այնտեղ ծնած ենք, ու ամէն մարդ ալ արդէն գիտէ, որ մենք հայ ենք», -Գէորգ Չալըշ ըսաւ, որ իսլամացած հայեր շատ կան: Պոլիս տեղափոխուած արմատներով սասունցի Գէորգը փոխանցեց, որ քիւրտ մը իրեն տեղեկացուցած է, թէ Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ 40 հազար հայ կ՛ապրի: Անոնց 40 տոկոսին մայրական կողմը հայ է, իսկ 10 տոկոսին` հայրական: Ասիկա միջին տուեալ է:  Ան կը կարծէ, թէ ծանօթանալու շատ լաւ առիթ էր Համահայկական խաղերուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւնը:

Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ Սիմոն Թարոնեան նկատել տուաւ, որ անցեալին ամէն ինչ  փակ էր, կապ չկար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Խորհրդային Հայաստանի հայերուն միջեւ: Բոլորը մտածած են, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ոեւէ հայ չէ մնացած, իսկ այնտեղ մնացածները իսլամանալով` ապրած են թաքցնելով իրենց ինքնութիւնը: «Փոքր համայնքներու նման զիրար ճանչցողները իրարու հետ կապ կը պահէին: Նոյնիսկ ցեղախումբեր կան, օրինակ` Խորխոռունիները դարձած են Խոռնեկեն, Մամիկոնեանները` Մեմիկան»: Իրար ճանչցող հայերը շարունակած են գաղտնի կերպով այդ կապը պահպանել», կ՛ըսէ:

Գէորգ Չալըշն ալ նշեց, որ հայրենակցական միութեան ստեղծման հիմնական նպատակը Մուշի եւ յարակից տարածքներուն մէջ ապրող հայերը իրարու ծանօթացելն է:

Սիմոն Թարոնեան ըսաւ, թէ ամէն տեղ հայ կայ` գաղտնի եւ բացայայտ: Հիմա համայնքները սկսած են կազմակերպուիլ ու ասոր պիտի նպաստեն նաեւ ձեւաւորուող հայրենակցական միութիւնները: Ան կը կարծէ, թէ առաջին հերթին անհրաժեշտ է հասկնալ, որ հայ ըլլալ չի նշանակեր միայն քրիստոնեայ ըլլալը: Հայ ըլլալը մտածողութիւն ու արիւն է: Պէտք է օգնել գաղտնի իբրեւ հայ ապրողներուն, որ վերադառնան իրենց ինքնութեան, սորվին իրենց լեզուն ու պատմութիւնը:

Օրացույց